ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Իր կեցութիւնը պիտի տեւէ շաբաթ մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պիտի մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին, որ նախատեսուած է յառաջիկայ շաբթուան մէջ՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։

Ուղեւորութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանայ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Շաբաթ, Մարտ 5, 2022