ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րէն Նա­թա­լի Պար­սա­մեան, Սե­սիլ Կիւ­կիւշ, Լա­րի­սա Եըլ­մազ եւ Գա­րին Ման­թօ վեր­ջերս Ֆին­լան­տիոյ մէջ մաս­նակ­ցե­ցան «Է­րաս­մուս» ծրագ­րին շրջագ­ծով կազ­մա­կեր­պուած «European Job Market For Youth» խո­րագ­րեալ հա­ւա­քոյ­թի մը։ Իր նման­նե­րու շար­քին երկ­րորդն էր այս ձեռ­նար­կը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Քոք­քո­լա քա­ղա­քին մէջ։ Ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րուն ու­ղեկ­ցե­ցան անգ­լե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­ներ Ե­ւա Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեան եւ Դա­լար Պե­տի­կօղ­լու։

Քոք­քո­լա­յի մէջ կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քին աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին է­սաեան­ցի­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցու­ցին նաեւ մաս­նա­ւոր ծրա­գիր մը։

Ձեռ­նար­կի մաս­նա­կից­նե­րը կե­ցու­թեան օ­րե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան նաեւ այ­ցե­լել շրջա­նի տե­սար­ժան վայ­րե­րը եւ հա­ղորդ դառ­նա­լու բնա­կան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րուն։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016