ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Ա­թա­գիւ­ղի «Աս­լը Չա­քըր Ալփ­թե­քին» հա­մա­լի­րէն ներս ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Գալ­ֆաեան Տան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած մարմ­նա­մար­զի միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ա­ւան­դա­կան խրախ­ճան­քը։ Այս տա­րի 11-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած խրախ­ճան­քը ձօ­նուած էր Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին։

Մեր վար­ժա­րան­նե­րէն 350 մար­զիկ­ներ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին միօ­րեայ այս խրախ­ճան­քին, ո­րու ըն­թաց­քին տղա­քը եղ­բայ­րա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ չա­փե­ցին ի­րենց ու­ժե­րը, իսկ ա­ւե­լի վերջ մրցա­նա­կա­բաշխ­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­ցին ջեր­մօ­րէն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016