ՆԱԽԱԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը այս շրջանին կը կազմակերպէ սեմինարներու շարք մը՝ մանուկներու նախադպրոցական շրջանի զարգացման վերաբերեալ։ Այս շրջագծով վարժարանի սրահին մէջ երէկ ելոյթի հրաւիրուած էր մանուկներու արտայայտութեան նիւթերու գծով մասնագէտ մը՝ Արուսեակ Սաֆա Ճամիլապատի։
Դպրոցի ուղեցոյց ուսուցչուհի Գարօլին Չանքըրըի ողջոյնի խօսքով սկսաւ հաւաքոյթը, որու ընթացքին Ճամիլապատի կանգ առաւ մինչեւ հինգ-վեց տարեկան մանուկներու զարգացման պարագային զանազան նիւթերու վրայ։ Ան խօսեցաւ մանուկներու եւ ծնողներու յարաբերութիւններուն եւ այդ ամբողջին մէջ ծնողներու որդեգրելիք դիրքորոշումներուն շուրջ։
Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Նուրհան Փալաքօղլու եւ Արեգ Մումճու, Մէրամէթճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Աւետիս Հաճընլեան, տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ ծնողներ։