ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՔԷՐՄԷՍ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Զատ­կի ա­ւան­դա­կան եր­կօ­րեայ քէր­մէ­սը։ Դպրո­ցի ծնո­ղաց միու­թեան եւ քէր­մէ­սի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բին ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պուած ծրա­գիր մըն է այս մէ­կը։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ այս ձեռ­նար­կին, ներ­կա­յու­թեամբ վար­ժա­րա­նի լի­սէի բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշա­նի եւ նա­խակըր-թա­րա­նի բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Առ­լին Ե­շիլ­թե­փէի։

Զա­նա­զան թա­ղե­րէ փու­թա­ցած այ­ցե­լու­ներ մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թիւն ցոյց տուին այս քէր­մէ­սին նկատ­մամբ։ Տա­ղա­ւար­նե­րուն մօտ այ­ցե­լու­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուած էր ճոխ տե­սա­կա­նի մը՝ Ս. Զատ­կի բնո­րոշ ի­րե­րով եւ այլ զա­նա­զան ձե­ռա­գործ­նե­րով։

Քէր­մէ­սի կազ­մա­կեր­պիչ­ներն էին հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րը. Զե­փիւռ Կի­րա­կո­սեան, Նա­տիա Զիւ­լէ­մեան, Ա­նի Պա­հա­րօղ­լու, Շնոր­հիկ Չե­թին, Կիւլ­վարդ Պա­հա­րօղ­լու, Նազ­լը Պոզ, Պրիան Շի­լէ­լեան, Պեր­ճու­հի Օվա­կիմ, Մա­րի Սա­րա­ճեան, Ֆի­լոր Կա­զէր, Նուարդ Խա­չե­րե­սեան, Կիւ­նայ Մեր­մէր, Կիւ­լի­զար Ահ­պապ, Վար­դա­նոյշ Տուր­մազ­կիւ­լէր, Զե­քի­յէ Տաշ, Սօ­նա Քէ­շի­շեան, Վար­դու­հի Ֆենտ, Ան­ժէլ Այ­տէ­տէ, Պե­լին­տա Տօ­նա­պե­տեան, Հե­լէն Մու­րատ­ճըօղ­լու, Սո­ֆիա Ավ­ճը, Ա­րիա­նա Ճում­կա­զէ­րօղ­լու, Սու­նա Տե­միր­ճի, Ժիւ­լիէթ Մի­նաս, Լի­տիան Ե­շիլ­թե­փէ, Թա­լին Ման­թօ եւ Թա­լին Չո­փուր։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2017