ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԾՆՈՒՆԴ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵԿԱՐԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻՆ

Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը սկսին բարենորոգման աշխատանքները։ Երէկ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յետմիջօրէին հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրն ու իր ընկերները։ Զրոյցի ընթացքին թաղականները նորին սրբազնութեան ուշադրութեան յանձնեցին եկեղեցւոյ շէնքի ներկայ վիճակին շուրջ մանրամասնութիւններ։ Անոնք ընդգծեցին, որ շէնքը յատկապէս կը կարօտի խնամքի։ Իբր այդ, Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցին 15 Ապրիլ 2018 թուականէն սկսեալ պիտի փակուի պաշտամունքի։ Եկեղեցին պիտի ներկուի ու պիտի բարեզարդուի։ Ծրագրուած է, որ աշխատանքները հասնին իրենց աւարտին՝ մինչեւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համար։ Նորին սրբազնութիւնը գնահատեց թաղային խորհուրդին կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը եւ անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան հանդիպման ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան նաեւ Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ վերաբերեալ այլ զանազան հարցերու շուրջ։

Ինչպէս հաղորդած էինք նախապէս, Պաքըրգիւղի ընտանիքը յառաջիկայ շրջանին պիտի նշէ եռեակ յոբելեաններ, որոնց ընդառաջ թաղային խորհուրդը փափաքած է բարենորոգել եկեղեցին։ Ուստի, Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցին շուրջ չորսուկէս ամսուան ժամանակաշրջանով մը փակ պիտի մնայ պաշտամունքի ու վերաբացուի Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018