ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՑԵՐԵԿՈՅԹԸ
Գալֆաեան Տան տիկնանց կազմին կողմէ երէկ սարքուեցաւ նախաճաշ մը։ Մայրերու օրուան առթիւ սարքուած հաւաքոյթին կարգախօսն էր «Բարի՛ եկար, ամառ»։ Սկիւտարի ծովահայեաց ճաշարաններէն մէկուն մէջ կայացած միջոցառման ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Տիկնանց կազմի ատենապետուհի Թագուհի Կիւլ։ Ան ըսաւ, թէ Գալֆանեան Տան 150-ամեակին առթիւ ծրագրած են զանազան ձեռնարկներ, որոնցմէ մին պիտի ըլլայ Քարին Ճինճիօղլուի գեղանկարչական ցուցահանդէսը, որ իր դռները պիտի բանայ Մայիսի 13-ին։ Զանազան թաղերէ բազմաթիւ տիկիններ մասնակցեցան այս խանդավառ ցերեկոյթին։ Մայրերու օրուան առթիւ Լիենա Կիւլի ձեռամբ ծաղկեփունջ մը նուիրուեցաւ Գալֆաեան Տան խնամակալութեան եռանդուն ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանին։ Հաւաքոյթը եզրափակեց աւանդական վիճակահանութիւնը։
Տիկնանց կազմին կ՚անդամակցին՝ ատենապետուհի Թագուհի Կիւլ, Թանիա Ապանալեան, Սօնա Քիւրքճիւօղլու, Պայծառ Փուլատեան, Թալին Խաչատորօղլու, Մարալ Քեպապճը, Արաքսի Թիւլէք, Աղաւնի Էօզքայա, Լուիզ Ճանօղլու, Անի Խաւըթերս, Մերի Պետիկեան, Ալիս Տէօքմեճի, Առլէթ Էհմալօղլու, Ռիթա Էօզքայա ու Ժանէթ Չոփուրօղլու։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024