ԷՅԻՒՊԻ Ս. ԵՂԻԱ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց Էյիւպի Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, որոնց մասնակցած էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։
Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպի յառաջիկայ Մայիսի 22-ին, Ս. Եղիա մարգարէի տօնին։ Անոնք օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռին հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։ Թաղային խորհուրդին ներկայացուցիչները տեղեկութիւն փոխանցեցին նաեւ եկեղեցւոյ հետ առընչուած կալուածական զարգացումներու մասին։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդառաջեց խնդրանքին թաղականներուն, որոնց մաղթեց կարողութիւն եւ յաջողութիւն իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։
Միւս կողմէ, Յուլեան տոմարի համաձայն՝ Ս. Զատիկը այս տարի զուգադիպեցաւ Մայիսի 1-ին։ Յունաց Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին նախագահութեամբ Ֆէնէրի մէջ կատարուած Ս. Պատարագի եւ երեկոյեան ժամերգութեանց իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ Եկեղեցին։ Արարողութեանց ընթացքին Ս. Աւետարանը ընթերցուեցաւ նաեւ հայերէնով։
Ֆէնէրի Ս. Գէորգ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեանց յանուն Պատրիարքական Աթոռին մասնակցեցան միաբան հայրեր։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Շաբաթ օր, գիշերային արարողութեանց, իսկ՝ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Կիրակի օր, առաւօտեան արարողութեանց ներկայ եղան՝ ընկերակցութեամբ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի։