ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԳՈՐԾԵՐԸ՝ ԴԱՍԱԿԱՆ ԿԻԹԱՌՈՎ
Երէկ, մեր համայնքէն ներս տեղի ունեցան երկու եզակի համերգներ։ Մեծն Կոմիտաս վարդապետին ձօնուած նուագահանդէսները արժանացան անմիջական հետաքրքրութեան։ Առաջին համերգը կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ Էսաեան վարժարանին մէջ, իսկ երեկոյեան՝ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ կրկնուեցաւ նոյն ձեռնարկը։
Սոյն համերգները սարքուեցան կիթառահար Թունճէր Էօնտէրի կողմէ։ Երկար ժամանակէ ի վեր ան աշխատանք տարած է Կոմիտասի կեանքին ու գործունէութեան վրայ։ Ի վերջոյ, երբ իր աշխատանքը հասունցած է, ծրագիրը կեանքի կոչելու փուլին հասած է՝ այդ բոլորը համապատասխանած են ներկայ ժամանակաշրջանին եւ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը կը նշուի՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի օրացոյցին վրայ ընդգրկուած ձեւով։
Թունճէր Էօնտէր Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն ծանօթանալով՝ նկատած է, որ ան դասական կիթառի համար յօրինումներ չէ ըրած։ Յամենայնդէպս, ան ընտրած է Կոմիտասի շատ յայտնի ստեղծագործութիւններէն տասնեակ մը ու որոշ յարմարեցումներէ վերջ յամառ աշխատանքի ձեռնարկած՝ զանոնք կիթառով մեկնաբանելու համար։ Այդ ընտրանին կատարելու ժամանակ Թունճէր Էօնտէր նախընտրած է առաւել չափով շանի եւ դաշնակի գործերը։ Ան ուզած է Կոմիտասի ոգին ցոլացնել դասական կիթառով։ Ուստի, յարմարեցման աշխատանքներուն զուգահեռ ան խորացուցած է իր ուսումնասիրութիւնները մեծ վարդապետի գործունէութեան վրայ։ Ներկայիս ան յաջողած է Կոմիտասի տասն ստեղծագործութիւնները վերաձայնաւորել՝ դասական կիթառի համար։ Թունճէր Էօնտէր կը նախատեսէ նաեւ ապագային տպել այդ ձայնաւորումները։
Այս բոլորէն վերջ, կիթառահար Թունճէր Էօնտէր իր տարած աշխատանքին արդիւնքը երէկ յանձնեց մեր երաժշտասէրներու դատին։ Թէ՛ Էսաեան վարժարանի եւ թէ Արամեան սանուց միութեան մէջ երաժշտասէրները հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին իր՝ շուրջ մէկ ժամուան յայտագրին։ Յառաջիկայ շրջանին ան կը նախատեսէ դարձեալ կրկնել իր համերգը։
Թունճէր Էօնտէր երաժշտութեամբ կը զբաղի ակադեմական մակարդակով։ Երաժշտանոցէ ներս կը դասաւանդէ դասական կիթառ։ Անցեալ տարի արժանացած է տոցենթի կոչման։ Մօտաւոր անցեալին ձայնասփիւռի կայանի մը միջոցաւ ներկայացուցած է նաեւ դասական երաժշտութեան ծրագիր մը։