ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռը այս օրերուն կը հիւրընկալէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանը, որ Գուգարաց թեմի առաջնորդն է։ Նորին Սրբազնութիւնը երէկ ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Ան այս ուղեւորութեան ընթացքին կը ներկայացնէ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Շաբաթավերջին, յանուն Վեհափառ Հայրապետին, Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան պիտի մասնակցի Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաօծման եւ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւններուն, որոնց պիտի նախագահէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան երէկ քաղաքս հասաւ Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով եւ օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ Գումգաբուի մէջ Նորին Սրբազնութիւնը ողջունեց ջերմօրէն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարի գալուստ մաղթեց բարձրաստիճան հիւրին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց՝ ներկայութեան համար։ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանն ալ Նորին Ամենապատուութեան փոխանցեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի եղբայրական ողջոյնները։ Սիրալիր զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մանրամասնութիւններ փոխանցեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութեան շուրջ։ Երեկոյեան ալ Նորին Սրբազնութիւնը եղաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընթրիքի հիւրը։

Այսօր Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան կ՚այցելէ քաղաքիս զանազան հայկական եկեղեցիները։ Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբազնութիւնը առաւօտուն ուխտի աղօթք մը ըրաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր տաճարին մէջ։ Օրուան տեւողութեան իրեն կ՚ուղեկցի Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան կեցութեան օրերուն կ՚իջեւանի Պատրիարքարանի մէջ։ Ան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ վաղը պիտի մեկնի Տիարպաքըր, ուր շաբաթավերջի արարողութիւններուն մասնակցելէ վերջ պիտի վերադառնայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2022