Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Վարչայինները այս այցելութեամբ խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան, որ պիտի կատարուի յառաջիկայ յունիսի 4-ին։ Անոնք նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեան ու ծրագիրներուն մասին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել Էյուպի եկեղեցւոյ վարիչներու հրաւէրին եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց։
Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024