ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆԸ

Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի ըն­թերց­ման տօ­նը եւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը։ Եր­կու ձեռ­նարկ­նե­րուն ըն­թաց­քին ալ ա­շա­կերտ­նե­րը հան­դէս ե­կան յա­ջող ե­լոյթ­նե­րով եւ ար­ժա­նա­ցան ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։ Ի­րենց ու­րա­խա­կից էին տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի Ե­րա­մեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մը եւ Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րու հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ հան­դէս­նե­րուն պատ­րաս­տուած ա­շա­կերտ­նե­րը ե­կան ա­պա­ցու­ցա­նել, թէ կրթա­կան շրջա­նին ծա­ւա­լած էին ար­դիւ­նա­ւոր աշ­խա­տանք եւ ար­դէն կը բաժ­նէին ա­նոր պտուղ­նե­րը ներ­կա­նե­րուն հետ։ Ծնող­ներն ալ մեծ եր­ջան­կու­թիւն ապ­րե­ցան՝ վկա­յե­լով, թէ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը կրթա­կան կեան­քէ ներս ա­ռա­ջին քայ­լե­րը կ՚առ­նեն ար­դէն հաս­տա­տա­կամ։  

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015