ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։  

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին վերահասու դարձաւ Պիւյիւքտէրէի իրադարձութիւններուն։ Թաղականները առաջին հերթին տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցիէն ներս ձեռնարկուած բարեզարդման աշխատանքներուն շուրջ, որոնք ցարդ բաւական յառաջացած են։ Թաղականները Նորին Ամենապատուութեան նուիրեցին նաեւ Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ վերաբերեալ կայսերական երեք հրովարտակներու լուսապատճէնները։ Բաց աստի, թաղային խորհուրդին կողմէ ծաւալուած ընդհանուր գործունէութիւնն ալ խօսակցութեան նիւթ դարձաւ հանդիպման ընթացքին։  

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուշադրութեամբ հետեւեցաւ իր նկատառման յանձնուած տեղեկութիւններուն եւ գնահատեց Վոսփորի Եւրոպական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու նպատակով մատուցուած ծառայութիւնները։ Բարեզարդման աշխատանքներուն կապակցութեամբ ալ Նորին Ամենապատուութիւնը ըրաւ հայրական թելադրութիւններ։ Թաղականները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Պիւյիւքտէրէ հրաւիրեցին՝ տեղւոյն վրայ տեսնելու համար կատարուած աշխատանքը։ Ի լրումն այս բոլորին, Պիւյիւքտէրէի պատմական գերեզմանատան մասին ալ խնդիրներ արծարծուեցան։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ Պատրիարքական Աթոռը եւս միշտ հետամուտ եղած է համապատասխան իրադարձութիւններուն եւ այդ ընթացքը յառաջիկային ալ պիտի շարունակուի։  

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թաղականներուն տուաւ իր օրհնութիւնները եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։  

Բաց աստի, երէկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց նաեւ «Թիւրքիյէ Տեղիշիմ» կուսակցութեան ղեկավարութենէն տքթ. Ազիզ Մուրատ Հաթիփաղաօղլուն եւ ընկերակիցները։

Շաբաթ, Յունիս 5, 2021