ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱԿԻ ՕՐԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Էսաեանի ընտանիքը շաբաթավերջին համակուած էր տօնական տրամադրութեամբ։ Էսաեանցիներու հաւաքը այս տարի արտասովոր ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ, որովհետեւ համաճարակի սահմանափակումներու հետեւանքով երեք տարուան ընդհատումէ վերջ առիթ հանդիսացաւ աննախընթաց խանդավառութեան։ Վարժարանի մէջ ապրուեցաւ սերունդներու մեծ տողանցք մը։
Էսաեանցիներու օրուան առթիւ վարժարանը դռները լայն բացած էր բոլոր սաներուն համար, որոնք համակուած էին խանդավառութեամբ։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ համախմբուած էին դպրոցի պարտէզին մէջ։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Գարոլին Սարըի հանդիսավարութեամբ։ Ներկայ էին Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեան եւ իր գործակից ընկերները, Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան եւ մեծ թիւով էսաեանցիներ։
Աւելի վերջ Էսաեանի մեծ ընտանիքի համակրանքին առարկայ դարձան այս տարուան, նաեւ նախորդ երեք տարուան յոբելեար դասարանները։ 1959-60, 1960-61 1961-62 1962-63 տարեշրջաններու ընթացաւարտները նշեցին իրենց 60-ամեակը։ 1969-70, 1970-71, 1971-72, 1972-73 տարեշրջաններու ընթացաւարտները տօնեցին իրենց 50-ամեակը։ 1970-71 թուականի յոբելեարներու անունով սրտի խօսք մը արտասանեց Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեան։ 1979-80, 1980-81, 1981-82, 1982-83 տարեշրջաններու ընթացաւարտները նշեցին իրենց 40-ամեակը։ Իսկ 1994-95, 1995-96, 1996-97, 1997-98 տարեշրջաններու ընթացաւարտները նշեցին իրենց 25-ամեակը։ 1994-95 տարուան ընթացաւարտներու անունով արտայայտուեցաւ մեներգչուհի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու։ Այս տարուան 25-ամեայ յոբելեարները յուշանուէր մը յանձնեցին Էսաեան վարժարանի նախկին բազմամեայ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանին։
Յայտագրի այս փուլէն վերջ էսաեանցիները միասնաբար ճաշեցին իրենց պատմական վարժարանի պարտէզին մէջ։ Բաժակի պահուն հանդէս եկան կրտսերագոյն էսաեանցին՝ Արմին Մերթեր եւ երիցագոյնը՝ Վարուհի Թոփալեան։ Լենա Ենիեորկան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որմէ վերջ յուշանուէրներ յանձնեց Սաթենիկ Նշանին եւ Առլին Եշիլթեփէին։ Ապա վարժարանի 1945-ի շրջանաւարտներէն Ովսաննա Մուրատեանն ալ արտասանեց հակիրճ սրտի խօսք մը։ Բոլոր էսաեանցիները բաժակ բարձրացուցին եւ տօնական տրամադրութեամբ կրկնեցին իրենց անփոփոխ մաղթանքը՝ պատմական կրթօճախի յարատեւութեան համար։ Ընթրիքի ընթացքին մեներգներով հանդէս եկան նաեւ 40-ամեայ յոբելեարներէն Շուշան Քալաթաշ։
Հանդիսութեան տեւողութեան գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր եւ էսաեանցիները լիուլի ապրեցան իրարու հետ համախմբուելու երջանկութիւնը։
Միւս կողմէ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ Էսաեան վարժարանի հանգուցեալ բոլոր հիմնադիրներուն, տնօրէններուն, կրթական մշակներուն, սատարողներուն եւ սաներուն։