ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԿՈՒ ՏԱՅ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆԻՆ ԵՒ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ԻՐ ՅԱՋՈՐԴԸ՝ ԺԱՆԷԹ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆԸ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը ներկայիս յուզումնախառն զգացումներ կ՚ապրի վարժարանի տնօրէնի փոփոխութեան առթիւ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Արմէն Սարուխանեան հերթը կը փոխանցէ Ժանէթ Աւետիքեանին։
Ներկայ փուլին Արմէն Սարուխանեան պատրաստած է հրաժեշտի պատգամ մը, որ փոխանցուած է նաեւ մամուլին։ Յիշեցնելով, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէնի պաշտօնին մէջ յաջորդած է Հայկ Նշանին՝ Արմէն Սարուխանեան հրաժեշտի պատգամին մէջ դիտել տուած է՝ թէ նախատեսած էր, որ ութ-տասը տարի պաշտօնավարէր, սակայն որոշ ժամանակի մը համար արտասահմանի մէջ ընտանեօք ապրելու ստիպողութիւնը այժմ զինք կը թողու նախընտրութիւն մը կատարելու դէմ յանդիման։ «Ես պայմաններու բերումով կը բաժնուիմ պաշտօնէս, այլ ո՛չ թէ Դպրեվանքէն, քանի որ մարդիկ ժամանակաւոր են, իսկ հաստատութիւնները մնայուն։ Ասկէ վերջ ալ կեանքս պիտի շարունակեմ իբրեւ Դպրեվանքի ընտանիքի անդամ», կը գրէ Արմէն Սարուխանեան, հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնելով Խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճանին, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Վարուժան Պուլկանին, որոնք զինքը արժանի տեսած էին այս պաշտօնին եւ խնամակալութեան բոլոր անդամներուն ու Դպրեվանքի մեծ ընտանիքին։ Արմէն Սարուխանեան երախտագիտութիւն յայտնած է նաեւ տնօրէնութեան շրջանին իր բոլոր պաշտօնակիցներուն ու գործակիցներուն կողմէ ցոյց տրուած աջակցութեան ու յանձն առնուած զոհողութիւններուն համար։ Ան շնորհակալութեամբ մատնանշած է նաեւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի յարակից մարմիններուն կողմէ ցուցաբերուած դրական ոգին։ Յաջողութիւն մաղթելով իր յաջորդին՝ Ժանէթ Աւետիքեանին, Արմէն Սարուխանեան հրաժեշտի պատգամին մէջ վստահութիւն յայտնած է, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքը պիտի ունենայ պայծառ հորիզոններ։
Նոր տնօրէնուհի Ժանէթ Աւետիքեանն ալ այս առաքելութիւնը կը ստանձնէ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ։ Ան որպէս կրթական մշակ ծանօթ անուն մըն է համայնքիս մէջ։ Ծնած է 1965-ին, Իսթանպուլ։ Յաճախած է Պէզճեան, իսկ յետոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանները։ Համալսարանական ուսում ստացած է Եըլտըզ Թեքնիկ համալսարանի տարրաբանութեան ճարտարագիտութեան բաժնին մէջ։ 1989-1990-էն սկսեալ որպէս տարրաբանութեան ուսուցիչ սկսած է պաշտօնավարել Սահակեան-Նունեան վարժարանի մէջ եւ մինչեւ այս նոր պաշտօնի ստանձնումը, շարունակած է իր ասպարէզը։ 1999-2006 տարիներուն որպէս գիտութեան ուսուցիչ պաշտօնավարած է Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանէն ներս։
Բացի կրթական ասպարէզէն, ան նաեւ մշակութային գործունէութիւն տարած է ժողովրդական պարերու մարզէն ներս։ Տարիներու ընթացքին ժողովրդական պարեր ուսուցանած է սանուց միութիւններու, ինչպէս նաեւ կարգ մը համալսարաններու ֆոլքլորի ակումբներու մէջ։ Ամուսնացած է համայնքային գործիչ՝ Սեզար Աւետիքեանի հետ եւ ունի մանչ զաւակ մը։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը թէեւ ակամայ հրաժեշտ կու տայ Արմէն Սարուխանեանին, սակայն միակ մխիթարութիւնը այն է, որ անոր յաջորդը՝ Ժանէթ Աւետիքեան կը խոստանայ հաստատութեան ժառանգութիւնը լիուլի արժեւորելու հեռանկարը։ Յաջողութիւն կը մաղթենք նորանշանակ տնօրէնուհի Ժանէթ Աւետիքեանին։