ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ԵՂԱՆԱԿԻ ՓԱԿՄԱՆ ԱՌԹԻՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ հերթական անգամ հասած է հրաժեշտի փուլը։ 2022 թուականի ամառը բնորոշուեցաւ խանդավառութեամբ եւ բազմակողմանի գործունէութիւններով։ Շուրջ շաբաթ մը առաջ կայանի սաները արդէն հրաժեշտ առած էին՝ քաղցր յիշատակներով։ Վերջին օրերուն Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ներկայացուցիչները, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի անդամները եւ բոլոր պատասխանատուները ընտանեկան ընթրիքի մը սեղանին շուրջ համախմբուեցան։ Բոլորը զիրար շնորհաւորեցին անցեալ շաբաթներուն արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ ծաւալուած գործունէութեան համար։ Ճաշասեղանի շուրջ բոլորը վստահութիւն յայտնեցին, թէ Կազդուրման կայանի վերելքը կը շարունակուի եւ ան կ՚ամրապնդուի իր եզակի առաքելութեան ճանապարհին։

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Կազդուրման կայանէն արդէն հրաժեշտ առին նաեւ այն երիտասարդները, որոնց ամրան շրջանին հսկիչի պաշտօն վստահուած էր։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2022