ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ՝ ԿԻՐԱԿԻԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՍԵՄԻՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը, անդամներէն Նուրհան Ճէմճէմը եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սեւան Կիւրիւնը։ Նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Պէզճեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը՝ նախօրէին թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները փափաքած էին այցելել խմբագրատունս։
Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Մայր վարժարանի ներկայ վիճակին շուրջ։ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները շեշտեցին, թէ Գումգաբուի ընտանիքը կը շարունակէ մեծ զոհողութիւններ յանձն առնել՝ երաշխաւորելու համար Մայր վարժարանի գործունէութեան կայունութիւնը։ Այս առումով նիւթական անհրաժեշտ միջոցները ապահովելու համար Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կ՚ապաւինի համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան։