«ԲԱՐԵԿԱՄ» ԽՈՒՄԲԸ ՍԿՍԱՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ամրան շրջանի աւարտին «Բարեկամ» խումբը համայնքային շրջանակներէն ներս վերստին ձեռնարկած է իր գործունէութեան։ Ընկերային զօրակցութեան հետամուտ այս խումբը արդէն հետեւողական ծրագիրներ ունի եւ կազմակերպուած հունի մէջ կը զարգացնէ գործունէութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ «Մեր երիտասարդներու ապագան» խորագրեալ նախագիծը, որով «ֆոթոշոփ»ի դասընթացքներ կը կազմակերպուին։ Այս տարուան ծրագրին շուրջ 120 հոգի ընդգրկուած է։ Աշխատանքները յառաջ կը տարուին Ֆէրիգիւղի, Սամաթիոյ, Պաքըրգիւղի, Գումգաբուի եւ Գալֆաեան Տան մէջ։

«Բարեկամ» խումբը կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի երիտասարդներու ուղղեալ ծրագիրներուն մասնակիցները աւելնան, նաեւ նոր մտայղացումներով նախագիծերը բազմանան։ Խումբը նոր եղանակին ընդառաջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր բոլոր աջակիցներուն՝ մասնաւորապէս Տիգրան Կիւլմէզկիլին, որ առաջին իսկ օրէն կը խրախուսէ այս խումբը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2022