ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԿԱՊՈՅՏ ՑԱՆԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան նախընթաց օր Պատրիարքարանի մէջ հիւրընկալեց՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար թեկնածու հանդիսացած Կապոյտ ցանկի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Սարգիս Չեթինքայայի։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան։ Չեթինքայա եւ ընկերները ներկայացուցին իրենց որդեգրած գործունէութեան առաջադրանքները։ Անոնք յայտնեցին, որ միայն ընտրուելու պարագային պիտի կարողանան վերջնականօրէն հաղորդ դառնալ թաղի սնտուկի վիճակին։ Իրենք որդեգրած են սկզբունք մը, որով Կապոյտ ցանկի գործունէութեան առանցքը պիտի կազմէ համայնքին առջեւ ըլլալ թափանցիկ, համայնքին ներկայանալ՝ որպէս թեկնածու, որովհետեւ Օրթագիւղի միջոցները կը համարեն համայնքի սեփականութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը Կապոյտ ցանկի ներկայացուցիչներուն տուաւ իր օրհնութիւնները եւ մաղթեց յաջողութիւն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2022