ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը կը պատրաստուի տարեկան մատաղօրհնութեան, որ նախատեսուած է նոյեմբերի 17-ին։ Աւանդական սիրոյ սեղանին ընդառաջ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը եւ գործակից ընկերները այցելեցին Պատրիարքարան։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի թաղականները, որոնք իրեն ներկայացուցին մատաղօրհնութեան նախապատրաստական աշխատանքները։ Բաց աստի, անոնք նշեցին, որ թաղի Տատեան վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնին առթիւ ալ նախատեսուած է հանդէս մը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց Պաքըրգիւղի ընտանիքի աշխոյժ գործունէութեան համար եւ թաղականներուն հետ կարծիքներ փոխանակեց անոնց գործունէութեան զանազան երեսակներուն կապակցութեամբ։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Մարի Եանճըին եւ գործակից ընկերներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2024