ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԵՐԷԿՈՒԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿՈՂՄԷ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ ապրուեցաւ խանդավառ օր մը։ Քաղաքի զանազան թաղամասերէն փութացած հաւատացեալներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուցած էին Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցին, ուր պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։ Բացի հաւատացեալներէն արարողութիւններուն մասնակցութիւն բերին նաեւ Գալֆաեան Տան խումբ մը սաներ՝ գլխաւորութեամբ Խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանի եւ նոյնպէս խնամակալութեան սիւներէն Տանիէլ Անթիքաճեանի։ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ ալ մասնակցեցան արարողութիւններուն։

Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արամ Սրկ. Պարոնեան, Սարվէն Սրկ. Պըչաքճը եւ այլ դպիրներ։ Ի ժամ Ս. Պատարագի Հայրապետական մաղթանք տեղի ունեցաւ՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան 19-րդ տարեդարձին առթիւ։

Արարողութիւններէն վերջ տեղւոյն տիկնանց կազմը սարքեց սիրոյ սեղան մը։ Թէ՛ եկեղեցւոյ յարակից գողտրիկ սրահը եւ թէ ամբողջ շրջափակը լեցուն էր հաւատացեալներով, որոնք համտեսեցին տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած ճաշերը։

Սիրոյ սեղանի ընթացքին Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք համախմբուած էին երէկուան սիրոյ սեղաններուն շուրջ։

Անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցած ճաշկերոյթէն վերջ բոլոր հաւատացեալները Գուզկունճուքէն հրաժեշտ առին հոգեւոր բաւարարութեամբ եւ վայելելած ըլլալով մեր այս գողտրիկ եկեղեցւոյ ջերմ մթնոլորտը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2018