ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅ ԳԻՐԵՐՈՒ ԳԻՒՏԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան երկու ձեռնարկներ, որոնցմով եզրափակուեցան Ս. Թարգմանչաց տօնի շրջանին նախատեսուած գործունէութիւնները։ Այսպէս, դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Հաւաքոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, որմէ վերջ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան տեսողական ճոխ առարկաներու մատուցմամբ անդրադարձաւ Հայ գիրերու գիւտին։ Բանախօսութեան ընթացքին տէր հայրը Հայ գիրերու գիւտին կարեւորութիւնը ներկայացուց ազգապահպանման տեսակէտէ։ Իր արտայայտութեան աւարտին ան պատասխանեց նաեւ զանազան հարցումներու։

Այս բանախօսութեան առընթեր դպրոցի «Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան» սրահին մէջ բացուեցաւ մանրանկարչութեան ցուցահանդէս մը։ Յայտնի արուեստագիտուհի Մարի Թափուճուի եւ սաներուն ստեղծագործութիւնները ներկայացուեցան հետաքրքիրներուն։ Ցուցահանդէսին մաս կազմեցին նաեւ Մաքրուհի Քեչիեոլուի, Վարդուհի Աթէշի, Շաքէ Ալփայի եւ Տիանա Գույումճուի ստեղծագործութիւնները։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2018