ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէն յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հաւաքածոյէն կորսուած իւղանկարի հարցին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս տեղեկացուցած էր, որ Պատրիարքարանի հաւաքածոյէն կորսուած եւ Հայաստանի մէջ յայտնուելով վաճառքի դրուած այդ գործին շուրջ դիմում ներկայացուցած էր Հայաստանի Ոստիկանութեան ու կը սպասուէր պատասխանի։ Ըստ երեւոյթին, Հայաստանի Ոստիկանութիւնը այդ գործը փոխանցած է Քննչական կոմիտէին։ Այս վերջինը երէկ լուսաբանութիւններ փոխանցեց tert.am կայքէջին, որ եւս զբաղած է այս նիւթի մանրամասնութիւններով։ Ծանօթ է, որ սոյն խնդիրը վերջերս գայթակղութեան մը տեսքով օրակարգի վրայ բերուած էր «Կը պահանջենք պատժել Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանը» հասարակական-քաղաքացիական նախաձեռնութեան կողմէ եւ ըստ երեւոյթին, Քննչական կոմիտէին կողմէ փոխանցուած մանրամասնութիւնները կը համարուին այդ պնդումներուն պատասխանը։
Յատուկ Քննչական կոմիտէի պատասխանին մէջ ընդգծուած է, որ 2014 թուականի Նոյեմբերի 10-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Ոստիկանութեան տեղեկութիւն հասած է, թէ 2005 թուականին Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեան նոյն ոճով այլ նկարի մը պատրաստութեան համար անծանօթ անձի մը յանձնած է Պատրիարքարանի հաւաքածոյին մաս կազմող Արամ Խաչատուրեանի կողմէ 1903 թուականի Հոկտեմբերի 20-ին նկարուած եպիսկոպոսի մը իւղաներկ նկարը, որ այլեւս չէ վերադարձուած Պատրիարքարան։
Այս հաղորդման հիման վրայ նիւթերու պատրաստութեան ձեռնարկած է յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութիւնը։ Այդ պատրաստութեան ընթացքին պարզուած է, որ Երեւան քաղաքի բնակիչ մը, նոյն եպիսկոպոսի դիմանկարով անստորագիր իւղաներկ նկարը ներկայացնելով որպէս աշխարհահռչակ հայ նկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի կողմէ նկարուած գործ, փորձած է զայն վաճառել Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին։
Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութիւնը այս դէպքին կապակցութեամբ 2014 թուականի Նոյեմբերի 20-ին յարուցած է քրէական գործ։ Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգրքի 34-178 յօդուածի երրորդ մասի առաջին կէտի տրամադրութիւններուն հիման վրայ այժմ կը կատարուի նախաքննութիւն։
Քննչական կոմիտէի կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յիշեալ քրէական գործին շրջագծով հարցաքննուած է որպէս վկայ։ Նոյն առթիւ նշուած է, որ կտաւի հեղինակին եւ քրէական գործին տեսակէտէ էական նշանակութեամբ շարք մը հարցեր պարզելու նպատակով ձեռնարկուած են դատամշակութաբանական, դատափաստաթղթաբանական, դատանիւթագիտական եւ դատաձեռագրաբանական համալիր փորձաքննութիւններու։ Այս վերջիններուն կատարումը յանձնարարուած է Ռուսաստանի Դաշնակցութեան իրաւասու մարմիններուն, որոնց եզրակացութիւնը տակաւին չէ ստացուած։
Վերոյիշեալ կայքէջը կը մատնանշէ, որ Քննչական կոմիտէն նախ յայտնած էր, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան՝ Յովհաննէս Այքազովսքիի նկարներէն որեւէ մէկուն անհետացման գործին մէջ ներգրաւուած չէ։ Որոշ ժամանակ անց նոյն աղբիւրը տեղեկացուցած է, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յիշեալ գործին մէջ ներգրաւուած է։ Այդ ներգրաւուածութիւնը վկայի կարգավիճակով է՝ ինչպէս կարելի է հետեւցնել Քննչական կոմիտէի պարզաբանումներէն։
ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ մեկնեցաւ Պարի, Իտալիա։ Իրեն կ՚ընկերանայ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Նորին Սրբազնութիւնը մասնակցութիւն կը բերէ Սուրբ Նիկողայոսի յիշատակին ձօնուած արարողութիւններուն։
Ընդհանուր փոխանորդը քաղաքս պիտի վերադառնայ Չորեքշաբթի երեկոյեան։