ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԵՑԱՒ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ԵՒ Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆԻ ՀԵՏ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առաւօտ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան կուսակալութենէն երէկ Պատրիարքարան հասած նամակի լոյսին տակ ստեղծուած իրադրութիւնով պայմանաւորուած հարցեր։ Նորին սրբազնութիւնը Պետրոս Շիրինօղլուի հետ զրուցելու ընթացքին յայտնած է, որ բացարձակապէս տեղեկութիւն չէ ունեցած՝ անցեալ Ուրբաթ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նահանգապետարան հրաւիրուած ըլլալէն։

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան ժամերուն խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած է նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018