ՍԷՎ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց ատենապետ Սիմոն Արթուչի կողմէ գլխաւորուած ՍԷՎ-ի վարչութիւնը։ Սա հիմնարկի ներկայ վարչութեան անդրանիկ այցելութիւնն էր Պատրիարքարան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց ՍԷՎ-ի վարչայինները եւ տեղեկութիւններ քաղեց անոնց ծրագիրներուն եւ մտահորիզոնին շուրջ՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առաջնահերթութիւններու լոյսին տակ։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը տուաւ ՍԷՎ-ի վարչայիններուն։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2024