ԱՊՐԻԼԻ 24-ԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկուան Ս. Զատկի տօնակատարութիւններուն ընթացքին տեղեկացուց, թէ Պատրիարքական Աթոռը ինչ կարգադրութիւններ նախատեսած է յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին համար, մինչ համայն աշխարհի հայութիւնը պիտի նշէ 2015-ի տարելիցը։ Այսպէս Ապրիլի 24-ին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, ձեռամբ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ 100-ամեայ տարելիցի նշման առթիւ նախատեսուած ոգեկոչման արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան միայն Գումգաբուի մէջ։
Նկատի ունենալով, որ օր մը առաջ սրբադասուած պիտի ըլլան զոհերը, Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուելիք արարողութեան ընթացքին ոգեկոչումը պիտի կատարուի տարբեր կարգով մը։ Սա պիտի չըլլայ սովորական հոգեհանգստեան պաշտօն մը, որովհետեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին հոգեհանգստեան պաշտօն չի կատարեր սուրբերու համար։ Ուստի, ոգեկոչումը, իր բնոյթով, պիտի նմանի Ս. Վարդանանց սուրբերու յիշատակութեան կարգին։ Ս. Պատարագը ձօնուած պիտի ըլլայ անոնց յիշատակին, սակայն աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի չկատարուի ու պիտի հնչեն այս առթիւ ընդունուած շարականի երգեցողութիւնները։