ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ՝ ՅԱՋՈՂ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց վեր­ջերս Ամս­թեր­տա­մի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Հա­մաեւ­րո­պա­կան խա­ղե­րուն մաս­նակ­ցած իս­թան­պու­լա­հայ մար­զիկ­նե­րը։ Այս­պէս, Պատ­րիար­քա­րան այ­ցե­լե­ցին Հայ­կա­րամ Գա­րա­սու, Շահ­նուր Գա­զան­ճը, Սե­ւան Տեւ­լէ­թեան, Պու­րակ Էլ­վան, Հեր­ման Պի­պէ­ռեան, Ա­ռէն Օլ­կուն­տե­միր, Ար­ման Խու­պե­սէ­րեան, Ար­տա Տօ­նի­կօղ­լու եւ Ռո­պին Միր­զա­խա­նեան։

Հարկ է նշել, որ այս մրցա­շար­քի ար­դիւն­քին ֆութ­սա­լի մէջ Իս­թան­պու­լի խում­բը նուա­ճեց երկ­րորդ կար­գը ու քա­ղաքս վե­րա­դար­ձաւ բա­ժա­կով մը։ Մար­զիկ­նե­րը Գում­գա­բու փու­թա­ցին ի­րենց հետ տա­նե­լով նաեւ այդ բա­ժա­կը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան գնա­հա­տեց մար­զիկ­նե­րուն ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւ­նը, հայ­րա­բար ու­րա­խա­կից ե­ղաւ ա­նոնց ու փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը։ Խում­բի ան­դամ­նե­րը բաժ­նե­ցին նաեւ ի­րենց տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը Ամս­թեր­տա­մի օ­րե­րէն։

Մար­զիկ­նե­րը Պատ­րիար­քա­րա­նէն հրա­ժեշտ ա­ռին՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով Նո­րին Սրբազ­նու­թեան գօ­տեպն­դիչ վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016