ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Ե­րէկ, Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ վեր­ջին Ա­րե­ւա­գա­լը, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց եւ քա­րո­զեց Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Մու­րատ Կսսրկ. Իչ­լի­նալ­չա­յի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։ Զա­նա­զան թա­ղե­րէ փու­թա­ցած հա­ւա­տա­ցեալ­ներ լե­ցու­ցած էին ե­կե­ղե­ցին ու եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ խա­չա­հան­գիստ։ Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, ա­տե­նա­պետ Եդուարդ Այ­վա­զեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը սար­քեց սի­րոյ սե­ղան մը հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հա­մար։ Ներ­կա­նե­րը ան­մի­ջա­կան զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու մի­ջեւ ու մաղ­թե­ցին, որ Ա­ւագ շաբ­թուան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ ար­ժա­նի ըլ­լան զի­րար ող­ջու­նել տօ­նա­կան ա­ւե­տի­սով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 6, 2017