ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ բանաստեղծական հանդէս մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Անցեալ տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին վրայ դպրոցէն ներս այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ բանաստեղծութեան օր մը։ Ներկայ էին տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը, ծնողներ եւ հիւրեր։
Թոփգաբուի եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդէսը։ Յայտագրին տեւողութեան տղաքը ներկայացուցին բանաստեղծութիւններ։ Սրահն ալ մասնաւոր յարդարանք մը ունէր, ինչ որ կը պայմանաւորէր հանդիսատեսներուն տրամադրութիւնը։ «Եղանակներ» բնաբանով կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին տղաքը հանդէս եկան հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն ոտանաւորներով։ Տղաքը ընտրած էին զանազան հեղինակներու գործերը եւ յայտագրի գործադրութիւնը աւարտին հասաւ պարով մը։
Բանաստեղծութեան օրուան աւարտին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Անիթա Թումայեան։ Ան մասնաւոր գնահատանքով արտայայտուեցաւ վարժարանի ուսուցչուհիներէն Հերա Իսքենտէրօղլուի, Լուսիա Քըլընչլըի, Սունա Քորքմազի, Լեռնա Էօլմէզի եւ Կարին Մարտիկեանի մասին, որոնք առաջանորդած էին այս հանդէսին պատրաստութիւնները։ Տնօրէնուհին բարձր գնահատեց նաեւ աշակերտներուն կողմէ ցուցաբերուած եռանդը։