Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆԻ ԳԻՐՔԸ ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչը, որու հետ էին նաեւ Մարիամ Տրամէրեան եւ Նաթալի Պաղտատ-Քոճապայ։ Այցելութեան ընթացքին Ուսուցչաց հիմնարկի ներկայացուցիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յանձնեցին Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի յօդուածներու ժողովածոն։ Հարկ է նշել, որ այս գիրքը բոլորովին վերջերս լոյս տեսած է՝ որպէս համատեղ հրատարակութիւն Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի։ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի կողմէ գրուած յօդուածներէն բաղկացեալ այս հատընտիրը կազմած է մեր աշխատակիցներէն Վարանդ Քորթմոսեան։ Հարկ է նշել, որ միջոց մը առաջ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ հեղինակ տէր հօր տրուած օրհնութեան գիրն ալ տեղ գտած է այս գիրքին մէջ։

Միւս կողմէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը եւ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2022