ԲԱՐԵԲԱՍՏԻԿ ԾՆՈՒՆԴ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի այնքան համակրելի երիտասարդներէն Սեւան-Անէթ Մեծատուրեան ամոլը բախտաւորուած է դուստրով մը, որ կոչուած է՝

ԼԻՆՏԱ

Մայրը եւ նորածինը քաջառողջ են։ Փոքրիկն Լինտան թոռնիկն է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին բժշկապետ տքթ. Արմենակ Մեծատուրեանին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Ազնիւ Մեծատուրեանին եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն Սարգիս Տելկիին։

Այս ուրախ առթիւ երկար եւ երջանիկ կեանք կը մաղթենք նորածին Լինտային՝ ջերմօրէն շնորհաւորելով իր երջանիկ ծնողքը։ Նոյն առթիւ մեր խնդակցութիւնները Մեծատուրեան եւ Տելկի ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ Պէշիկթաշի ընտանիքի սիւներէն Եսթեր Վարժապետեանին, Տէր եւ Տիկին Օննօ Մալաթեալըին եւ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Տէր եւ Տիկին Կարօ Վարժապետեանին։

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024