ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆ
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս լոյս ընծայած է շատ շահեկան ալպոմ-գիրք մը, որ կը կոչուի «Pulun Kanadında İstanbul'dan Dünyaya» եւ ունի փաստավաւերագրական մեծ նշանակութիւն։
Պէյօղլուի «Գամէր» դրոշմաթուղթերու վաճառատան հիմնադրութեան 80-ամեակի յոբելենական շրջանին կը զուգադիպի այս գիրքին հրատարակութիւնը։ Հարկ է նշել, որ այս վաճառատունը Թուրքիոյ մէջ ֆիլաթելիի առանցքային լծակ մըն է։ Նամականիշերու վաճառատունը հիմնուած է լուսահոգի Գամէր Ալֆրէտ Արըքանի (Թէրզիպաշեան) կողմէ եւ անկէ վերջ ջահը ստացած է իր որդին՝ Արման Արըքան։ Սեւենկիւլ Սէօնմեզի կողմէ հեղինակուած գիրքը կը ցոլացնէ «Գամէր» դրոշմաթուղթերու վաճառատան ամբողջ ոդիսականը՝ 1942 թուականէն մինչեւ մեր օրերը։ Գործը լոյս կը սփռէ նաեւ Արըքան ընտանիքի անցեալին վրայ. ընտանիք մը, որու արմատները կը հասնին Ակն։ Այստեղ խօսքը այնքան խոր արմատներով հաստատութեան մը կը վերաբերի, որ անոր անցեալին պեղումը կը նշանակէ Թուրքիոյ մէջ ընդհանրապէս ֆիլաթելիի պատմութեան վրայ լոյս սփռել։ Այս վաճառատան եւ Արըքան ընտանիքի՝ արդէն միահիւսուած արխիւէն ներկայացուած առարկաները անգնահատելի գանձի մը նշանակութիւնը ունին ոլորտով բոլոր հետաքրքրուածներուն համար։
Վստահաբար այս նոր գիրքը առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ՝ «Արաս»ի կողմէ ցարդ հրատարակուած բազմաբնոյթ գիրքերու շարքին։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024