ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ «Սէր» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ մայիսի 7-ը։ Ինչպէս ծանօթ է, Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ կը կազմակերպուին կանանց համար աշխատանոցներ, որոնց մասնակիցները յախճապակիներ կամ կերպասներ կը բանին։ Աշխատանոցներու 27 մասնակիցի կողմէ կատարուած արտադրութիւնը այս նոր ցուցահանդէսի ընթացքին կը ներկայացուի հետաքրքիրներուն։ Հարկ է նշել, որ աշխատանոցները կը գլխաւորէ Լինտա Քումտակէզէր, որուն երէկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ՝ Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի եւ իր գործակից ընկերներուն՝ Մարալ Էպէօղլու-Սաթարի, Ալին Շէնճանի եւ Սօնա Ճերմակեանի կողմէ։
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ գտնուեցան նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարվէն Սերթշիմշէք, Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։ Երաժշտական յայտագիր մըն ալ գործադրուեցաւ՝ Սեւան Շէնճանի կողմէ գլխաւորուած կանանց երգչախումբին կողմէ։
Հարկ է նշել, որ Արամեան սանուց միութեան մէջ կազմակերպուած աշխատանոցները կ՚ընթանան «Կենաց ծառ» ծրագրի շրջանակէն ներս։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024