ՏԱՏԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի՝ գե­ղա­րուես­տի զա­նա­զան ճիւ­ղե­րու հե­տա­մուտ սա­նե­րը վեր­ջերս Սա­մա­թիոյ «Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան» սրա­հին մէջ հան­դէս ե­կան եր­կու ներ­կա­յա­ցում­նե­րով, ո­րոնք ըստ էու­թեան եր­գի ու պա­րի ձօնուած ե­րե­կոյթ­ներ էին։ Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տէ­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը եւ Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն յա­րա­կից մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ հա­ճոյ­քով մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս ձեռ­նարկ­նե­րուն։ Այս ծրագ­րին ի­րա­կա­նաց­ման մէջ եւս ան­փո­խա­րի­նե­լի դեր մը ու­նե­ցած էր բե­մադ­րիչ Ա­րամ Կոս­տա­նեան։

Յայ­տա­գի­րը կը բաղ­կա­նար հայ­կա­կան ման­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան նմոյշ­նե­րէն եւ հա­ճե­լի պա­րե­րէ։ Կոս­տա­նեա­նի գլխա­ւոր գոր­ծա­կից­նե­րը ե­ղած էին ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Ա­նի­թա Քուր­տօղ­լու եւ Նա­րօտ Կիւ­լէչ։

Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րա­մի ա­ռըն­թեր ա­շա­կերտ­նե­րուն ուղ­ղեալ գնա­հա­տան­քի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ նաեւ Սա­մա­թիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Զա­քէոս Ծայրագոյն Վարդա-պետ Օ­հա­նեան, որ մեծ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց ա­նոնց ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թեան շուրջ։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015