ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը եւ առաջին դասարանի Ընթերցման տօնը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Մանկապարտէզի փոքրիկներուն գործադրած յայտագիրը կը ցոլացնէր գծանկարեալ գիւղի մը մթնոլորտը, որու մէջ անոնք ծափահարութիւններու արժանացան իրենց պարերով, երգերով ու նուագներով։
Առաջին դասարաններու Ընթերցման տօնի յայտագրին մաս կազմեցին արտասանութիւններ, թատերակներ, երգեր ու պարեր, որոնք նոյնպէս արժանացան ծափահարութիւններու։
Այս համատեղ հանդիսութեան ներկայ էին Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզ եւ իր ընկերները, վարժարանի տնօրէն Արաս Տելիճէ, ուսուցչաց կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր։
Մինչ փոքրիկները ստացան իրենց առաջին խորհրդանշական վկայականները, պարտէզին մէջ սարքուած ընդունելութեան ընթացքին անոնք արժանացան բոլորի ջերմ վերաբերմունքին։