ՏԱՏԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԵԼՈՅԹՆԵՐՈՎ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խանդավառ երեկոյթ մը, որ 2015-2016 շրջանին կազմակերպուած գեղարուեստի դասընթացքներուն մասնակից փոքրիկներուն տարեվերջի հանդիսութիւնն էր։ Անոնք իրենց յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։
Տատեան սանուց միութեան մէջ անցեալ եղանակին պալէի եւ երաժշտութեան դասընթացքները վերահսկեցին Կարինէ Մարտիկեան եւ Սէրլի Տեմիր, որոնց փոքրիկ սաները յաջողութեամբ գործադրեցին իրենց տարեվերջի յայտագիրը եւ ստացան մասնակցութեան վկայականներ։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլու, որ կը համակարգէ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի մշակութային ծրագրերը։ Երեկոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Տատեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Ասլին Ուսթաարամօղլու։ Փոքրիկներու ծնողները առ ի երախտագիտութիւն ծաղկեփունջեր նուիրեցին դասընթացքի պատասխանատուներուն։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին դասընթացքի մասնակից փոքրիկները շրջապատուեցան ջերմօրէն, իսկ Պաքըրգիւղի ընտանիքին պատասխանատուները արտայայտեցին իրենց բարձր գնահատանքը Կարին Մարտիկեանի եւ Սէրլի Տեմիրի կողմէ ի գործ դրուած եռանդին ու վաստակին համար։