ԳԱՏԳԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԲԱՑՈՒՄ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Ս. Էջմիածնի տօնին առթիւ, հովանաւորութեամբ՝ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, տեղի ունեցան հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ։ Եկեղեցւոյ հոգեւարականաց դասը նկատելով օրուայ ազգային-եկեղեցական նշանակութիւնը եւ երանաշնորհ Մաղաքիա Պատրիարքի վախճանման 100-ամեակը, որոշած էին Արամեան սանուց միութեան հետ գործակցաբար կազմակերպել ցուցահանդէս մը։

Տօն Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնակատարութիւնները առաւօտեան կանուխ ժամերուն սկսան Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ՝ Յարութիւն Աբեղային։ Օրուայ Ս. Պատարագը մատոյց՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Թագաւոր դպրաց դասու անդամներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի հայր սուրբը քարոզեց «Ուրախ լեր Սուրբ եկեղեցի» բնաբանով։ Հայր սուրբը ազգային-եկեղեցական տարբեր հանգրուաններու մասին խօսելով՝ շեշտեց, թէ պէտք է ուրախանալ Ս. Էջմիածնի բարոյական եւ հոգեւոր ներկայութեամբ։ Հայր սուրբը ի միջի այլոց ըսաւ. «Այսօր ուրախանանք, որովհետեւ այսօր ծնաւ մեր Մայր Եկեղեցին՝ Ս. Էջմիածինը։ Այսօր, երկնաւոր արքան եկաւ ու դպաւ Հայոց անկեալ ժողովուրդին, որուն որպէս արդիւնք կերտուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ սիրտը հանդիսացող Ս. Էջմիածինը։ Այսօր տօնն է հաստատման մեր այս սուրբ եկեղեցւոյ եւ սփիւռս հայ ժողովուրդը կը վերյիշէ, թէ Աստուած ինչպիսի հրաշքով յայտնուեցաւ հայ ժողովուրդին մէջ։ Ս. Տաճարը ո՛չ միայն քարակերտ կառոյց մըն է, ան հայ ժողովուրդին հոգեւոր, բարոյական ու մշակութային անքակտելի միութեան խորհրդանիշն է։ Աստուած ցոյց տուաւ, թէ փոքր թէ մեծ, հզօր կամ տկար, իր բոլոր զաւակներուն տէրն է ու որպէս հաւաստիք համեմատաբար թիւով սակաւ մեր ժողովուրդին եւս ցոյց տալ, թէ ինքն է ճշմարիտ Փրկիչը։ Ուրեմն մօտեցէ՛ք Ս. Էջմիածնի խորհուրդին, ճանչցէ՛ք իր շուրջ համախմբուած անդրանիկ սուրբերու վարքը, տեսէ՛ք Տիրոջ նախախնամութիւնը եւ գոհութիւն յայտնելով ուրախացէ՛ք ու ցնծացէ՛ք ընդ հովանեաւ մեր Մայր Եկեղեցւոյ»։

Իր խօսքերու աւարտին հայր սուրբը յիշեցուց, թէ Ս. Էջմիածնի մէջ եւս օրհնեալ ծառայութիւն մատուցած, Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն հայրապետներէն՝ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան եւս կը յիշատակուի իր վախճանման 100-ամեակին։ Հայր սուրբը երանաշնորհ պատրիարքի մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցելով ըսաւ. «Ահա Ս. Էջմիածնի խորհուրդը այս է։ Ծառայութիւն եւ առաքելութիւն, որուն հաւատարիմ սպասաւորներէն եղած է Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանը։ Այսօր յաւարտ Ս. Պատարագի պիտի կատարենք ցուցահանդէսի բացում մը, որ նուիուած է Ս. Էջմիածնին եւ թէ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանին։ Հետեւաբար այսօր լաւ առիթ պիտի ըլլայ, Հայ Եկեղեցւոյ սրբութեանց եւ նշանաբանին աւելի մօտէն ծանօթանալու»։

Քարոզի աւարտին, զանգակներու ղօղանջներու ընկերակցութեամբ կատարուեցաւ «Մաղթանք Մայր Աթոռոյ»։ Եկեղեցւոյ մէջ ներկայ ժողովուրդը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, վասն անսասանութեան՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ արեւշատութեան՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Արարողութեան աւարտին, հոգեւոր հայրեր «Հայրապետական Օրհներգ»ի երգակցութեամբ առաջնորդուեցան եկեղեցւոյ մայր դուռը։ Վերջին օրհնութենէ յետոյ սկսաւ աշխարհիկ կարճ յայտագիրը։ Հանդիսութիւնը սկսաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի ձօնուած «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ։ Ապա, Տ. Յարութիւն Աբեղայ խօսք առնելով ցուցահանդէսի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Աշխատութիւնները Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին, իր իսկ օրհնութեամբ եւ Արամեան սանուց միութեան վարչութեան գործակցութեամբ սկսած էր միութեան երդիքին ներքեւ։ Մշակութասէր անձինք միութեան մէջ առաջնորդութեամբ՝ Լինտա Քումտակէզէրի, սկսած էին ձեռական աշխատութիւններու։ Դասընթացքներու ընթացքին կը գործածուէին եկեղեցական եւ հայկական զարդարանքներ։ Եղանակի փակման՝ առիթ համարելով Ս. Էջմիածնի տօնի կարեւորութիւնն ու Մաղաքիա Պատրիարքի վախճանման 100-ամեակի հանգրուանը, կազմակերպած էին յիշեալ հանդիսութիւնը։ Այս առթիւ հայր սուրբը միառմի գնահատեց բոլոր մասնակիցները ու իրենց նուիրեց խաչեր։ Ապա, հայր սուրբի, տէր հօր եւ Լինտա Գումտակէզէրի կողմէ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ցուցահանդէսին։ Մասնակիցներ եւս իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնեցին հայր սուրբին, որ նման աշխատութիւն մը թէ՛ հովանաւորած էր, թէ՛ գործնապէս մասնակցած էր եւ թէ առիթը ստեղծած էր զանոնք Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ իմաստալից հանդիսութեամբ ցուցադրելու։ Անոնք այս առթիւ հայր սուրբին նուիրեցին խումբի աշխատութիւններէն մին, որուն վրայ պատկերուած էր Խոր Վիրապի վանքը։

Ցուցահանդէսին իրենց աշխատութիւններով մասնակցեցեն հետեւեալ անունները. Աղաւնի Էօզքայա, Ալին Շէնճան, Անգինէ Թիւթիւնճիւօղլու, Այլին Քումտակէզէր, Էլէնի Չափու, Հիլտա Քիւչիւքաքպուլութ, Գրիգոր Աքսոյ, Մելիսա Փէհլիվանօղլու, Բարին Չալկըճեան, Սօնա Սաատէթեան, Սօնա Լոքմակէօզ, Շէնայ Փէհլիվանօղլու, Եէլտա Սվասլեան։

Հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։ Հարկ է նշել, թէ փափաքողներ պիտի կարենան այցելել ցուցահանդէսը, մինչեւ 10 Յունիս, Կիրակի։

Չորեքշաբթի, Յունիս 6, 2018