ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Մխիթարեան վարժարանի պարտէզին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ներկայ տարուան սկիզբի աղէտալի երկրաշարժերէն ետք Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի նախաձեռնած օգնութեան արշաւի մասնակիցներուն վկայականներու եւ շնորհակալագրերու յանձնման հանդիսութիւնը։

Սոյն աշխատանքներուն մասնակցած համայնքի կամաւոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ լիսէներու եւ համալսարանի ուսանողներուն յանձնուեցան վկայագիրներ։ Օժանդակութեան արշաւի ընթացքին ծառայած Ֆէրիգիւղի, Սամաթիոյ, Օրթագիւղի, Պաքըրգիւղի եւ Եշիլգիւղի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու անդամներուն տրուեցան յուշանուէրներ։

Բաց աստի, հաւաքի կազմակերպութիւնը հովանաւորած Գուզկունճուքի, Սկիւտարի Ս. Կարապետ, Պէյքոզի եւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներուն, նաեւ Ժանէթ Շիրինօղլուին եւ Մանուկ Գալայճեանին յանձնուեցան յուշանուէրներ։

Հաւաքի ընթացքին ելոյթներ ունեցան յանձնախումբի նախորդ շրջանի ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ եւ նոր շրջանի ատենապետ Հերման Քաւաֆեան։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Քրիստին Հայրանեանի ու Սիրակ Քարթունի հանդիսավարութեամբ։ Տեսերիզով ցուցադրուեցաւ ուղերձը՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որ ակամայ բացակայեցաւ հաւաքէն։

Հուսկ, գործադրուեցաւ նաեւ երաժշտական յայտագիր մը, որու ընթացքին բեմ բարձրացան «Solanum», «The Strangers» եւ «Bagas» խումբերը:

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2023