ԳԸՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՄՐԱՆ ՇՐՋԱՆԸ ՍԿՍԱՒ ԴՌՆՓԱԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳՈՎ

Երէկ, Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյս մէջ ամրան շրջանի առաջին Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի տօնին։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, իսկ երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Ներսէսեան դպրաց դասու անդամներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեանի։

Արարողութիւնը սկսաւ 09.00-ին եւ իր աւարտին հասաւ ժամը՝ 11.00-ին։ Քորոնա համաճարակի պատճառաւ արարողութիւնները տեղի ունեցան դռնփակ, սակայն ընկերային հեռաւորութեան կանոններուն հնազանդ հաւատացեալներ՝ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներու հսկողութեան ներքեւ, պարտէզէն մասնակցեցան կիրակնօրեայ պատարագին։

Արարողութեան աւարտին հայր սուրբը Պատրիարքական Աթոռոյ տնօրինութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկաներուն՝ յայտնելով, թէ ցնոր տնօրինութիւն արարողութիւնները պիտի կատարուին դռնփակ, սակայն ուխտաւորներ ընկերային հեռաւորութեան կանոններուն հնազանդ մնալով, հնարաւորութիւնը պիտի ունենան պարտէզէն մասնակցելու արարողութեան եւ ունկնդրելու Ս. Պատարագի երգեցողութեան։ Այս առթիւ հայր սուրբը շեշտեց, թէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, թաղային խորհուրդն ու սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը, առողջապահական բոլոր միջոցառումներուն խստօրէն կարեւորութիւն պիտի ընծայեն, սակայն այս մէկը արգելք պիտի չդառնայ, որ ուխտաւորներ զրկուին Ս. Պատարագէ։ Եւս առաւել, հայր սուրբը յիշեցուց, թէ յընթացս Ս. Պատարագի, Ս. Հաղորդութիւն պիտի չմատակարարուի, սակայն փափաքողներ հոգեւոր հովիւին դիմելով պատշաճ ժամանակներուն պիտի կարենան ստանալ Ս. Հաղորդութիւն։

Յետ այսու, մինչեւ ամրան եղանակի վերջաւորութիւնը հաւատացեալները կը հրաւիրենք հետեւելու եկեղեցիէ ներս կատարուած տնօրինութեանց։ Այս առթիւ բարի եւ օրհնեալ ամրան շրջան կը մաղթենք մերազն հաւատացեալ ժողովուրդին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2020