ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆՕՐԷՆ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԷ ԵԿԵՂԵՑԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐԸ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հետեւողական աշխատանք կը տանի եկեղեցապատկան կալուածներու արժեւորման ուղղութեամբ։ Կալուածներու արժեւորումը թէեւ որոշ հեռանկարներ կը խոստանայ, սակայն այդ ակնկալութիւնները արդարացնելու նախապայմանն է յիշեալ կալուածները խնամել, վերանորոգել եւ բարւոք վիճակի բերել։ Սա անհրաժեշտ է հրապարակի պայմաններով վարձակալութեան գործարքներու իրականացման համար։

Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները միջոցէ մը ի վեր արդէն եկեղեցապատկան երկու առանձնատան ի հիմանէ վերանորոգման աշխատանքները կ՚իրականացնէին։ Մասնագիտական առումով ծրագրի պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Գէորգ Էօզգարակէօզ։ Այժմ այդ նախագծերուն վրայ կու գայ աւելնալ եւս մէկը։ Այսպէս, թաղային խորհուրդը ձեռնարկած է թաղի երբեմնի Լուսաւորիչեան վարժարանի շէնքի վերանորոգութեան։ Թաղային խորհուրդի հովանաւորութեան ներքեւ 1870 թուականին ստեղծուած այս կրթօճախը մինչեւ 1950-ական թուականներ շարունակած էր իր դաստիարակչական առաքելութիւնը՝ մինչեւ որ աշակերտութեան թիւը իջած էր մինչեւ 18-ի։ Այդ թուականէն ի վեր, տասնամեակներ շարունակ բարձիթողի վիճակի մնացած նախկին դպրոցի շէնքին համար թաղային խորհուրդը այժմ շարժման անցած է։ Արդարեւ, պատկան իշխանութիւններէն վերանորոգութեան համար անհրաժեշտ թոյլտուութիւններն ալ ապահովուած են եւ երէկուան դրութեամբ երբեմնի դպրոցի շէնքի բարեկարգման աշխատանքները սկիզբ առած են։

Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան այս առթիւ տեղեկացուց, որ շինարարութեան աշխատանքներու աւարտին սա պիտի վերածուի սքանչելի ապարանքի մը։ Ըստ ծրագրին, երկյարկանի շէնքը 340 քառակուսի մեթր օգտագործելի մակերես պիտի ունենայ։ Բաց աստի, 200 քառակուսի մեթր տարածքով պարտէզ մըն ալ պիտի ունենայ ապարանքը։ Պարտէզին կեդրոնը կը գտնուի նաեւ արիշ (քամերիէ) մը։

Թաղային խորհուրդը եւ շինարարները բոլոր միջոցները ձեռք առած են, որպէսզի սիսթեմաթիկ աշխատանքով մը, նուազագոյն ժամկէտներու մէջ տեղաւորուելով աշխատանքը հասնի իր աւարտին։ Ուստի, այժմու կանխատեսումներով, շինարարութիւնը մինչեւ տարեվերջ ի կատար կրնայ ածուիլ։

Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը հետամուտ է եկեղեցապատկան կալուածները արժեւորելու եւ սեփական կարիքներու դիմագրաւումէն վերջ՝ մնացեալ հասոյթը տրամադրելու համայնքի կրթական կարիքներու դիմագրաւման։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան համոզուած է, որ մեր եկեղեցիներուն ընթացիկ ծախսերուն համար աստղաբաշխային գումարներ անհրաժեշտ չեն, ուստի, անոնք իրենց կալուածներուն հասոյթը կրնան ներդնել մեր դպրոցներուն համար, ինչ որ կրնայ հանգստութիւն բերել մեր կրթական համակարգին։ Եդուարդ Այվազեան կը նշէ, որ ներկայիս լուրջ միջոցներ կը տնօրինեն մեր այն թաղային խորհուրդները, որոնց հովանիին ներքեւ դպրոց գոյութիւն չունի։ Ուստի, անոնց միջոցները պէտք է աւելցուին մեր դպրոցներու պիւտճէներու դիմագրաւման համար շարժման անցուած պաշարներուն վրայ։

Միւս կողմէ, թաղային խորհուրդի ջանքերով վերջերս ամբողջութեամբ նորոգուած են նաեւ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ատեանի նստարանները, որոնք դարձած էին անգործածելի։

Երեքշաբթի, Յուլիս 6, 2021