ՏԽՐՈՒՆԻ

ՏԽՐՈՒՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած անուններէն՝

ՏԻ­ԿԻՆ
ՄԱՅ­ՏԱ Ա­ՆԱ­ՀԻՏ ՊԵՆԿ­ԼԵԱՆ

Հանգուցեալը թէեւ ունէր յառաջացած տարիք, սակայն տասնամեակներու տեւողութեան այնքան մեծ համակրանքի մը արժանացած էր, որ իր կորուստը սուգի մատնեց թէ՛ իր ընտանիքը եւ թէ բարեկամական շրջանը։

Ան եղած էր Ս. Խաչ դպրեվանքի եւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ առաջին տիկնանց յանձնախումբերու սիւներէն եւ ցայսօր իր անձնուրաց ծառայութիւնները միշտ կը յիշուին խոր երախտագիտութեամբ։

Հանգուցեալը կողակիցն էր մօտաւոր անցեալի յայտնի համայնքային գործիչներէն հանգուցեալ Եդուարդ Պենկլեանի։

Յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը առանձնապէս պիտի հրապարակուի ընտանեկան մահազդով։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք հանգուցեալի բարի հոգւոյն ու խորապէս կը վշտակցինք իր հարազատներուն՝ մասնաւորապէս Տէր եւ Տիկին Մարտիկ-Անի Պենկլեանին եւ զաւակներուն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 6, 2018