«ՄԱՐԱԼ» ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԽՈՒՄԲԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ «Մա­րալ» միու­թեան խում­բը յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ Ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 11-15 Սեպ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն։

Այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ-­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու «Մա­րալ» միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Լեռ­նա Փա­փա­զեանն ու Դա­լար Քէօ­սէօղ­լուն։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ 52 հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ խում­բով մը պի­տի ճամ­բոր­դեն դէ­պի Ե­րե­ւան՝ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Սեպ­տեմ­բե­րի 13-ին, Ե­րե­ւա­նի «Յա­կոբ Պա­րո­նեան» թատ­րո­նի եր­դի­քին տակ «Մա­րալ»ի տղա­քը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն «Ա­րա Գե­ղե­ցիկ եւ Շա­մի­րամ»ը։ Այս ե­լոյ­թը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Իմ Հա­յաս­տան» փա­ռա­տօ­նին շրջագ­ծով, որ այս տա­րի կը կազ­մա­կեր­պուի եր­րորդ ան­գամ։ Փա­ռա­տօ­նը ձօ­նուած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լա­նին։

«Ա­րա Գե­ղե­ցիկ եւ Շա­մի­րամ»ի բե­մադ­րիչ Լեռ­նա Փա­փա­զեան ու պա­րու­սոյց Դա­լար Քէօ­սէօղ­լու յայտ­նե­ցին, թէ ի­րենց տե­սա­կէ­տէ ե­զա­կի փոր­ձա­ռու­թիւն մը պի­տի ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի մէջ հան­դէս գա­լը։ «Ա­րա Գե­ղե­ցիկ եւ Շա­մի­րամ»ի ներ­կա­յա­ցու­մը մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին տե­ղի ու­նե­ցած էր քա­ղա­քիս մէջ եւ ար­ժա­նա­ցած՝ գե­ղա­րուես­տա­սէր շրջա­նակ­նե­րու գնա­հա­տան­քին։ Նո­րաս­տեղծ «Մա­րալ» միու­թեան ա­ռա­ջին բե­մադ­րու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցած էր այդ խա­ղը։ Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու եր­կա­րա­տեւ աշ­խա­տան­քին այդ պտու­ղը ու­նե­ցած էր դրա­կան ար­ձա­գանգ, իսկ ներ­կա­յիս ի շա­րու­նա­կու­թիւն այդ բո­լո­րին «Մա­րալ» ա­կում­բը Ե­րե­ւա­նի մէջ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ «Ա­րա Գե­ղե­ցիկ եւ Շա­մի­րամ»ը։ Հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան գոր­ծե­րու շար­քին կը դա­սուի այս մէ­կը, որ կը բե­մադ­րուի ար­դիա­կան մօ­տե­ցու­մով մը։

Մեր հիւ­րե­րը ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ շեշ­տե­ցին, թէ «Մա­րալ» ա­կում­բի խում­բի ճամ­բոր­դու­թեան ծախ­սե­րը հո­գա­լու հա­մար ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րած են՝ յայտ­նի հա­մայն­քա­յին բա­րե­րար Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու եւ Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2016