Տ. ՎԱՐԴԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ ըն­դու­նե­լու Թաք­սի­մի Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րան Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ նո­րան­շա­նակ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Վար­դան Ծ. Վրդ. Գա­զան­ճեա­նը, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նար Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հա­սա­րա­կու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Թա­լին Էր­կիւ­նէշ։ Ծա­նօթ է, որ Վար­դա­պե­տը վեր­ջին շրջա­նին Պէյ­րու­թէն՝ Զմմա­ռի վան­քէն քա­ղաքս փու­թա­ցած է հո­գե­ւոր սպա­սա­ւո­րու­թեան հա­մար։ Կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ան յար­գան­քի եւ հա­մակ­րան­քի ար­ժա­նա­ցած է Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թե­նէն ներս՝ յա­ջո­ղե­լով գրա­ւել բո­լո­րին սիր­տը։ Իս­թան­պու­լի մէջ ան­ցու­ցած ե­րեք ամ­սուան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի փոր­ձա­ռու­թեամբ ան ար­դէն ա­ւե­լի յստակ պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մած է՝ իր աշ­խա­տան­քի հիմ­նա­կան ա­ռանցք­նե­րուն շուրջ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ Վար­դե­պե­տը փա­փա­քած է նաեւ ա­ւե­լի մօ­տէն ծա­նօ­թա­նալ պոլ­սա­հայ մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն հետ եւ այս շրջագ­ծով՝ այ­ցե­լեց նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի խմբագ­րա­տու­նը։

Ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք Տ. Վար­դան Ծ. Վրդ. Գա­զան­ճեա­նը, որ շա­բա­թա­վեր­ջին պաշ­տօ­նա­պէս ստանձ­նեց հո­գե­ւոր հո­վի­ւի պաշ­տօ­նը եւ ի­րեն կը մաղ­թենք յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։

 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016