ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ՏՈՑ. ՎԱՀԷ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆԻՆ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը, որ կազմակերպուած էր մեր համայնքի երէց սերունդի բժիշկներէն Տոց. Վահէ Ալեքսանեանի ի պատիւ։ Վահէ Ալեքսանեան, որ անցեալի մէջ մաս կազմած էր Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան, այս առթիւ շրջապատուեցաւ հաստատութեան ղեկավարութեան, իր ընտանիքին եւ պաշտօնակիցներուն կողմէ։ Անմիջական մթնոլորտով կազմակերպուած հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան, Փրոֆ. Չեթին Քարաճա եւ մեծարեալին դուստրը՝ Դալար Փոլատ։ Ընթերցուեցաւ նաեւ բժշկապետ Արմենակ Մեծատուրեանի շնորհաւորական պատգամը՝ իր տեղակալին կողմէ։ Բոլոր ելոյթներէն վերջ արտայայտուեցաւ նաեւ Վահէ Ալեքսանեան, որ խորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին կապակցութեամբ։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին մեծարեալին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը եւ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու տեւողութեան ներկաներուն միջեւ ստեղծուեցաւ ջերմ զրոյցի մթնոլորտ։ Այս առթիւ Վահէ Ալեքսանեան ներկաներուն համար մակագրեց ցարդ հրատարակուած իր զանազան գիրքերը։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2017