ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՓԱՍՏԱՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Գնալը կղզիի մէջ շաբաթավերջին ցուցադրուեցաւ «Sessiz Çanlar» (Լուռ զանգեր) փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որ կը վերաբերի Վանի եւ շրջակայքի հայկական մշակութային ժառանգութեան։ Այս ժապաւէնի հեղինակն է Ֆաթիհ Կիւտէն, որ Վանի «Yüzüncü Yıl» համալսարանի գեղարուեստի պատմութեան բաժնէն ներս մագիստրոսութեան ծրագրի կը հետեւի ու երկար տարիներէ ի վեր շրջանի հայկական ճարտարագիտական ժառանգութեան վրայ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ։

Գնալը կղզիի մէջ «Թաշ» ճաշարանէն ներս տեղի ունեցաւ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որու ընթացքին անմիջական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ հետաքրքիրներու մասնակցութեամբ։

Ֆաթիհ Կիւտէն ժապաւէնի ցուցադրութենէն վերջ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ երեկոյթի խումբ մը մասնակիցներուն կողմէ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2020