Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՊԱԼԱԹԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Եկեղեցւոյ վարիչները այս այցելութեամբ եկած էին խնդրել Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան, որ պիտի կատարուի Սրբոց Հրեշտակապետաց տօնի շաբաթ օրը։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց թաղային խորհուրդը եւ ըրաւ հայրական թելադրութիւններ։ Ան կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց եկեղեցւոյ վարիչներու եկեղեցաշէն գործունէութեանց կապակցութեամբ։
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023