ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ 90-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԻ ՍԵՄԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դասու անդամուհիներէն Սերա Մերիէմ Ենիճէն եւ Սերենա Քոչաք Ավշարօղլուն։ Ներկայիս Լուսաւորիչ երգչախումբը կը նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը եւ այս առթիւ յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է յոբելենական համերգ մը։ Երգչախումբի ներկայացուցիչները փութացած էին մեզ հրաւիրելու այդ յոբելենական համերգին։

Լուսաւորիչ երգչախումբի յոբելեանը մեր համայնքին տեսակէտէ իսկապէս կը համարուի յատկանշական։ Արդարեւ, այս խումբը կարեւոր դերակատարութիւն մը ունի մեր ընկերամշակութային կեանքէն ներս։ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ խումբը չի սահմանափակուիր միայն հոգեւոր երաժշտութեամբ, այլեւ՝ ծաւալուն աշխատանք կը տանի աշխարհիկ երաժշտութեան գետնի վրայ։

Մօտալուտ յոբելենական համերգին ժամանակ եւս Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը հանդէս պիտի գայ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ եւ Ռոպէր Տողանայի դաշնակի նուագակցութեամբ։  

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019