ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Վարդան Մատթէոսեանը, որ Նիւ Եորքէն քաղաքս ժամանած է անձնական այցելութեան մը առթիւ։ Օգտուելով քաղաքիս մէջ գտնուելու հնարաւորութենէն՝ Վարդան Մատթէոսեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը, ուր հիւրընկալուեցաւ մեր հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի կողմէ։ Թերթիս ընտանիքին համար շատ սիրելի անձնաւորութիւն մըն է Վարդան Մատթէոսեան, որուն նկատմամբ այնքան համակրանք կը տածենք՝ հայաշխարհի օրակարգի հարցերուն կապակցութեամբ արտայայտած հեղինակաւոր կարծիքներուն եւ դիտարկումներուն բերումով։

Բարի կեցութիւն ու վերադարձ կը մաղթենք Վարդան Մատթէոսեանին։

Հարկ է յիշեցնել, որ Վարդան Մատթէոսեան առաջին անգամ քանի մը տարի առաջ եկած էր Պոլիս՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի հրաւէրին ընդառաջ, մասնակցելու համար թերթիս կողմէ կազմակերպուած յոբելենական ձեռնարկներէն մէկուն։  

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019