ՈՉ ԵՒՍ Է ԲՐՇ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր եկեղեցական կեանքի նուիրեալ սպասաւորներէն Յարութիւն Սրկ. Սարգիսեան։

Ան Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցին մէջ դարմանման տակ կը գտնուէր՝ վարակուած ըլլալով քորոնաժահրով։ Դժբախտաբար, բժշկական միջամտութիւնները բաւարար չեն եղած իր կեանքը փրկելու համար։ Ան այսօր աւանդած է իր հոգին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու սիրելիները։

Յարութիւն Սրկ. Սարգիսեան երկար տարիներէ ի վեր խոնարհ ծառայութիւն կը մատուցէր մեր եկեղեցական կեանքէն ներս եւ Տիրոջ Ս. Սեղանի անձնուրաց սպասաւորութիւնը կը կատարէր՝ քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքով։

Երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն եւ կը վշտակցինք իր ընտանիքին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2020