ԹՈՒԶԼԱՅԻ ՄԷՋ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ
Թրքահայ համայնքին տեսակէտէ շաբաթավերջին յատկանշական իրադարձութիւն մը եղաւ Թուզլայի մէջ, երբեմնի «Քամփ Արմէն»ի տարածքէն ներս կատարուած հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, փոքրամասնութիւններուն համար կատարուած բարեփոխումներու շրջանակին մէջ «Քամփ Արմէն»ի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուեցաւ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։ Այդ փուլէն սկսեալ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս հետեւողական ջանքեր գործադրուեցաւ, որպէսզի այդ ճամբարը վերակառուցուի։ Թրքահայութեան Հանրապետական շրջանի տարեգրութեանց մէջ առանձնայատուկ դիրքով այս ճամբարը այժմ պիտի վերակառուցուի ըստ նոր սերունդի այժմու կարիքներուն։ Այս նախաձեռնութիւնը կը կատարուի հայ առաքելական, հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական համատեղ ծրագրով մը։
Թուզլայի մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուած հիմնարկէքին մասնակցեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան եւ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, որոնք միասնաբար օրհնեցին հիմքին մէջ դրուած առաջին շաղախը։
Արեգ Էօզպոյարի հանդիսավարութեամ գործադրուած յայտագրին ժամանակ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի սաներու ելոյթներն ալ արժանացան ծափերու։